Շաբաթ, 23 Մարտ 2024 📜Այսօրուան ընթերցուածը📜 Յովհաննու Աւետարանէն (Յհ 11.55-12.11) ✨Կրնաք ընթերցել նաեւ (Առ 14.27-35: Ա.Թս 4.12-17) 55 Մօտ էր Հրեաներուն Զատիկը։ Այդ գաւառէն շատեր Երուսաղէմ ելան, որպէսզի Զատիկէն առաջ մաքրուին իրենց ծիսական սովորութեան համաձայն։ 56 Անոնք Յիսուսը կը փնտռէին, եւ երբ տաճարին մէջ հաւաքուած էին՝ իրարու կը հարցնէին. - Ի՞նչ կը կարծէք. արդեօք տօնին առիթով հոս պիտի չգա՞յ։ 57 Աւագ քահանաներն ու Փարիսեցիները պատուիրած էին, որ եթէ մէկը անոր ուր ըլլալը գիտնայ՝ իմացնէ, որպէսզի ձերբակալեն զայն։ 1 Զատիկէն վեց օր առաջ Յիսուս Բեթանիա եկաւ, հոն՝ ուր Ղազարոսը կ՚ապրէր, այն մարդը՝ որ մեռած էր եւ որուն Յիսուս մեռելներէն յարութիւն տուած էր։ 2 Հոն իրեն ընթրիք պատրաստեցին։ Մարթան կը սպասարկէր եւ Ղազարոսն ալ սեղանակիցներէն մէկն էր։ 3 Ընթրիքի ատեն Մարիամ շիշ մը ազնիւ եւ սուղ նարդոսի իւղ առնելով՝ օծեց Յիսուսի ոտքերը եւ իր մազերով սրբեց զանոնք։ Տունը իւղին անուշահոտութեամբը լեցուեցաւ։ 4 Աշակերտներէն մէկը՝ Յուդա Իսկարիոտացին, որ զայն մատնողը պիտի ըլլար, ըսաւ. 5 -Ինչո՞ւ այդ իւղը երեք հարիւր արծաթ դահեկանի չծախուէր եւ աղքատներուն չտրուէր։ 6 Ասիկա ըսաւ՝ ո՛չ թէ անոր համար որ կը մտահոգուէր աղքատներով, այլ որովհետեւ գող էր։ Իր քով կը գտնուէր գանձանակը եւ ի՛նչ որ հոն կը ձգուէր՝ անկէ կ՚օգտուէր։ 7 Յիսուս պատասխանեց. - Ազա՛տ ձգէ զինք, որովհետեւ թաղումիս օրը ըլլալիքն է որ հիմա կ՚ընէ։ 8 Աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք, բայց զիս միշտ ձեզի հետ չունիք։ 9 Հրեաներու մեծ բազմութիւն մը, երբ գիտցաւ թէ Յիսուս Բեթանիայի մէջ է, եկաւ՝ ո՛չ միայն Յիսուսի համար, այլ նաեւ տեսնելու համար Ղազարոսը, որուն Յիսուս մեռելներէն յարութիւն տուած էր։ 10 Ուստի աւագ քահանաները որոշեցին Ղազարոսն ալ սպաննել, 11 որովհետեւ Հրեաներէն շատեր Ղազարոսը տեսնելու կ՚երթային ու կը հաւատային Յիսուսի։